2013-11-15 08:42:51

Ժընեւի օգնական եպիսկոպոսը հարցարան մը ուղղած է ընտանիքի մասին` ''Հռոմը կը կանչէ Ժընեւը կը պատասխանէ''։


Գերապայծառ Փիեռ ֆարինը, 11 նոյմբերին,ընտանիքի մասին Վատիկանէն ստացած հարցարանը, ուղղած է Ժընեւի 52 ժողովրդապետութիւններուն։ Գերապայծառ ֆարին կը յուսայ ս. Ծնունդէն առաջ հարցարանին պատասխանները ստանալ։ Հարցարանը, որուն վերնագիրն է` ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները վերաւետարանութեան ծիրէն ներս'' կը դիմագրաւէ զանազան նիւթեր. ընտանիքին հովուութիւնը, պսակի պատրաստութիւնը, այրի ու կնոջ առանց ս. պսակի միակեցութիւնը, ապահարզանը, միասեռականութիւնը ...։ Այս հարցարանը նախապատրաստութիւն մըն է եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնոդոսին, խորհուրդի կանչուած ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ 5-19 հոկտեմբեր 2014ին։ Եպիսկոպոսներու արտակարգ սիւնհոդոսին նպատակն է համախմբել եպիսկոպոսներու վկայութիւններն ու առաջարկները լաւագոյնս քարոզելու եւ ապրելու ընտանիքի Աւետարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.